2017-03-19 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը` Սամարացի կինը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 19 Մարտ 2017-ին, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը, աւանդութեան համաձայն,իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հիմնուած օրուան աւետարանական ընթերցումին  վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսին` Սամարացի կնոջ հետ հանդիպումի մասին։

Յիսուս Սամարացի կնոջ կը յայտնէ թէ Ինք ունի կենդանի ջուրը` եւ թէ ով որ այդ ջուրէն ըմպէ երբեք պիտի չի ծարաւնայ, որովհետեւ այդ ջուրը պիտի ըլլայ աղբիւր ցայտող ջուրի` յաւիտենական կեանքի համար։  (Յովհաննէս 4,5-42)։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յաւիտենական կեանք պարգեւող այդ ջուրը մեր սրտերուն մէջ զեղուց Սուրբ Մկրտութեան օրը, որով Աստուած մեզ փոխակերպեց ու մեզ լեցուց իր շնորհքով։ Հաւանական է սակայն որ մենք մոռցանք այդ պարգեւը ու այսօր կ՛երթանք փնտռելու ''ջրհորներ'' որոնք  մեր ծարաւը չեն յագեցներ։ Առ այդ այսօրուայ Աւետարանական պատգամը ուղղուած է մեզի։ Յիսուս մեր հետ կը խօսի այնպէս ինչպէս խօսեցաւ Սամարացի կնոջ հետ։ Հաւանական է որ մենք գիտենք թէ ո՞վ է Յիսուսը սակայն տակաւին անձնապէս չի հանդիպեցանք Անոր, ու տակաւին զայն չի ճանչցանք որպէս մեր Փրկիչը։

Քառասնորդաց այս շրջանը պատշաճ առիթ է մօտենալու Յիսուսին ու անոր հանդիպելու աղօթքի ու սիրտ սրտի երկխօսութեան մէջ, անոր դիմագիծը տեսնելով մեր տառապող եղբօր դիմագիծին մէջ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''Այսպէսով կարող կ՛ըլլանք մեր մէջ նորոգելու Մկրտութեան շնորհքը ու յագենալու Աստուծոյ խօսքի աղբիւրէն բխած ջուրով, վերագտնելով ուրախութիւնը` մեր կարգին դառնալու հաշտութեան արուեստագէտներ ու առօրեայի խաղաղութեան գործիքներ։

''Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի դիմելու ժայռէն անընդհատ հոսող շնորհքին` որ է Քրիստոս մեր Փրկիչը, որպէսզի կարենանք համոզումով դաւանիլ մեր հաւատքը ու հռչակել Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան սքանչելիքները'' ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, որուն աւարտին արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, յատուկ մօտիկութիւն յայտնելով Փերուի բնակչութեան` որ թիրախ դարձած է ահաւոր ջրհեղեղի։

Յիշելով ապա Պոլցանոյի մէջ Երանելի հռչակուած աշխարհական ԺոզէՖ Մայր Նուսսէրը Սրբազան Քահանայապետը առիթը օգտագործեց յիշեցնելու թէ այսօր կը նշուի Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնը ու իր մաղթանքը փոխանցեց բոլոր հայրերուն, հրաւիրելով հրապարակի վրայ համախմբուած  հաւատացեալները ծափահարութեամբ միանալու իր այդ մաղթանքին։

Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.